2015-10-09 12:34:00

2015-ի խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակը` ''Թունիզեան երկխօսութեան քառեակին''։


(Ռատիօ Վատիկան) 2015-ի խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակը պարգեւատրուեցաւ Թունիզեան  ազգային երկխօսութեան ի սպաս գործող քառեակին, անոր տուած վճռական սատարին ի սպաս բազմազան ժողովրդավարութեան կառուցումին։ Մրցանակը կ՛ուզէ ընդգծել ''երկխօսութեան արժէքը'' եւ քաջալերանք յայտնել Թունիսցի ժողովուրդին։

Մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օզլոյի մէջ յառաջիկայ 10 դեկտեմբերին։

Յայտնենք որ խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակը անցեալին պարգեւատրուած է նաեւ բազմաթիւ եկեղեցական եւ այլ կրօններու պատկան անձերու։ Յիշատակի արժանի են Պելկիազի տոմենիքեան կրօնաւոր` հայր Տոմենիք Բիր  որ ճանչցուած է որպէս մեծ պաշտպանը գաղթականներուն, ան մրցանակին արժանացաւ 1958-ին, ապա վերապատուելի  Մարթին Լութեր Քինկը` 1964; Քալքութայի Մայր Թերեզան` 1979; Հարաւային Ափրիկէի անկլիքան եպիսկոպոս` Տեզմունտ Թութու`1984; Տալայ Լամա 1989, եւ Արեւելեան Թիմորի կաթողիկէ եպիսկոպոս` Քարլոս Ֆելիփէ Եիմենէս Պելօ 1996։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.